2015-02-27 09:59:55

Երկու Լիբանանցի Քափուչինեան Քահանաներ Զոհ` Հայոց Ցեղասպանութեան (1915 Եւ 1917)


Վերջերս աշխատանք կը տարուի «Երանելի» տիտղոսին արժանացնելու Լիբանանի Պաապտեթ շրջանէն քափուչինեան երկու քահանաներու` հայր Լէոնար Հապիպ Մելքի (1881-1915) եւ հայր Թոմաս Ժըրիես Սալեհ (1879-1917): Այս երկու մարոնի վարդապետները ընդունած էին Լատին եկեղեցւոյ ծէսը:
«Երանելի» տիտղոսին կը հասնին անոնք, որոնք կը զոհուին քրիստոնէութեան համար , կարեւոր չէ հրաշք գործել:
Հարցումը այն է, որ այս երկու քահանաները իսկապէ՞ս իրենց կեանքը զոհեցին քրիստոնէութեան համար: Ուստի կը ներկայացնենք անոնց կենսագրականը:
Հայր Լէոնար Մելքի ծնած է Պաապտեթ, 1881-ին, բուն անունով` Ժոզեֆ, հայրը` Հապիպ Մելքի, իսկ մայրը` Նուրա Եամմին:
1915-ին կը գտնուէր Միջագետք, Մարտին քաղաքը, միակը, ուր քրիստոնեաները աւելի էին, քան մահմետականները: Ան գիտէր արաբերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, սուրեանի, թրքերէն, հայերէն եւ լատիներէն: Կը ձերբակալուի, կը բանտարկուի, կը չարչարուի պարզապէս զինք ստիպելու, որ խոստովանի, թէ քաղաքին մէջ զէնքի գաղտնի պահեստանոցներ կան: Մերժելէ ետք կրօնափոխ ըլլալ, առանց որեւէ փաստի զինք կը դատապարտեն, շղթաներով կը կապեն եւ 400 հոգիի հետ միասին տեղահանութեան կը ղրկեն. կարաւանին մէջ կը գտնուէր հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը:
Տեղահանուածները կը համոզեն, թէ անոնք պիտի մասնակցին ճամբաներու շինութեան աշխատանքներու: Բայց զանոնք հերթաբար կը սպաննեն: Զինուոր մը կը պատմէ, թէ առաջին 100 հոգիի ջարդի գիշերը երանելի Մալոյեան իր շուրջ կը հաւաքէ բոլոր կաթողիկէները եւ կու տայ մեղքերու թողութիւն եւ կը բաշխէ Սուրբ Հաց: Կ՛ըսուի, թէ արարողութեան ատեն հաստ ամպ կը պատէ տեղահանուածները եւ անուշ հոտ մը կը բուրէ բոլորին շուրջ: Ամպը կը կորսուի աղօթքէն ետք , Լէոնար կը նահատակուի 11 յունիս 1915-ին:
Հայր Թոմաս Ժըրիես Սալէհ ծնած է Պաապտեթ, 1879-ին: Ան ղրկուած էր Թուրքիա` որպէս ուսուցիչ, քարոզիչ եւ հոգեւոր օգնական. 1915-ին ան եւ ուրիշ այլ լատին միսիոնարներ կը ձերբակալուին եւ կը տեղահանուին դէպի Ուրֆա, որ այդ օրերու եւրոպացի միսիոնարներու հաւաքման կեդրոն նշանակուած էր: Տեղի կ’ունենան բախումներ, որոնց իբրեւ հետեւանք, 20,000 հայեր կը ջարդուին: Հայր Վարդան անունով քահանայ մը փախուստ կու տայ ջարդէն եւ ապաստան կը խնդրէ քափուչինեաններուն վանքը: Հակառակ անոր որ այս հիւրընկալութիւնը կրնար մեծ վտանգ յառաջացնել վանականներուն, Հայր Թոմաս Սալէհ կը պնդէ, որ հայր Վարդան ընդունուի ներս իբրեւ Յիսուս Քրիստոսի ծառայող: Աւա՜ղ, հայր Վարդանին հետքը շուտով կը յայտնաբերուի. քափուչիեան երեք վարդապետներ բանտարկութեան կը դատապարտուին, իսկ հայր Թոմաս Սալեհ մահապատիժի արժանի կը նկատուի: Ցուրտ ձմրան ժամանակ ան կ՛ուղարկուի դէպի Ատանա, որ դատուի եւ մահուան պատիժը գործադրուի: Ան հերոսաբար կը նահատակուի 25 յունուար 1917-ին, Մարաշ քաղաքին մօտ, ժանտախտէն: «Աստուծմէ խնդրեցի, որ իմ վրաս վերցնէ հայր Վարդանի ցաւերն ու տառապանքները, բնաւ չեմ զղջար եւ մահէն վախ չունիմ», եղան իր վերջին խօսքերը իր շուրջ հաւաքուածներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.